2015-08-17 08:59:00

Աստուածամօր Վերափոխման տօնը` Զմմառու մէջ


Աւելի քան 260 տարիներ շարունակ Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքեւ ծառայող Զմմառու պատրիարքական կղերի  միաբանութեան վարչական հայրերը, վերափոխման օրը յաւուր պատշաճի կը մեծարեն իրենց բարեխօսը` հայցելով անոր գթութիւնը եւ միջնորդութիւնը` «Տիրամայր Զմմառու, Աղօթեա՛ վասն մեր»:

Այս տարի եւս անխախտ մնաց աւանդութիւնը եւ շաբաթ, 15 օգոստոս  2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, արաբերէնով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Փարիզի առաջնորդ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան: Պատարագին յաջորդեց խաղողօրհնէք, ապա հրավառութիւն եւ հիւրասիրութիւն վանքի շրջափակին մէջ:

Իսկ կիրակի, 16 օգոստոս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու մայրավանքը հիւրընկալեց Լիբանանի տարբեր շրջաններէն հասած հայորդիներ, որոնք հաղորդուեցան օրուան խորհուրդով: Պատարագը մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` կողքին առընթերակայ ունենալով Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանն ու Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը: Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, խորանին սպասաւորեցին Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նորընծաներն ու ժառանգաւորները: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յաւուր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին: Ան շեշտեց եւ կարեւոր նկատեց, իր Որդիին` Յիսուսի Քրիստոսի առջեւ Տիրամօր կատարած բարեխօսութիւնները, բարելաւելու եւ յոյս ներշնչելու մեր սրտերուն ու հոգիներուն: Ան ցաւոտ սրտով արտայայտուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ սանձազերծուած վայրագութիւններուն պատճառով թշուառ, անտէր դարձած քրիստոնեաներուն մասին, որոնք հալածանքի թիրախ եղած են: Սակայն աւելցուց նաեւ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալը երբեք չի յուսահատիր իր ամէն օր կրած չարչարանքներէն ու տառապանքներէն: Հոգեւոր տէրը իր խօսքը եզրափակեց Տիրամայրէն թախանձագին խնդրելով, որ պահպանէ հայ ընտանիքը չարին բոլոր վտանգներէն ու փորձութիւններէն:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, համաձայն հայկական աւանդութեան ու Զմմառու վանքի սովորութեան, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը օրհնեց խաղողի ողկոյզները, ինչպէս նաեւ բոլոր այգեստանները:

Այնուհետեւ, հաւատացեալները վանքի դահլիճին մէջ Վերափոխման տօնին ու գահակալութեան առիթով իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, վանքի մեծաւորին ու վանական կղերին, ինչպէս նաեւ անոնք ստացան օրհնուած խաղողի ողկոյզներ ու տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.